2014-08-17 10:00:16

''Ասիայի երիտասարդութիւն զարթիր''` Ասիայի Երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։


Ասիայի երիտասարդութեան յաջորդ հանգրուանը 2017-ին Ինտոնեզիայի մէջ։

Կիրակի, 17 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 16,30-ին (Հռոմի ժամով 9,30-ին), Նորին Սրբութիւնը Հաէմի ամրոցի տարածքին նախագահեց Ասիայի Երիտասարդութեան 6րդ հաւաքի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, խօսքը կեդրոնացուց Ասիայի Երիտասարդութեան 6րդ հաւաքի բանաբանին վրայ ''Ասիայի երիտասարդութիւն կանգնէ. նահատակներու փառքը կու վրադ կը շողայ'' որ – ըսաւ Սրբազան Հայրը – մեծ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն մըն է։

Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացաւ ''Ասիա'' բառին վրայ։ Ասիական ցամաքամասը կը ներկայացնէ` ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք Քրիստոսի` վկայութեան ընդարձակ հորիզոն մը, ուր ներկայ են փիլիսոփայական եւ կրօնական հարուստ աւանդութիւններ։ Ոչ միայն կ՛ապրիք Ասիայի մէջ, այլեւ զաւակներն էք այս հսկայական ցամաքամասին եւ ունիք իրաւունքն ու պարտականութիւնը մաս կազմելու ձեր ընկերութիւններու հասարակական կեանքին։ ''Մի վախնաք հաւատքի իմաստութիւնը տանելու հասարակաց կեանքի ոլորտնեուն մէջ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա մատնանշեց բնաբանէն քաղուած երկրորդ բառին` ''երիտասարդութիւն''։ Լի լաւատեսութեամբ, ոյժով եւ բարի կամքով որոնք ձեր կեանքի այս հանգրուանը կը բնորոշեն, թոյլ տուէք որ Քրիստոս բարեփոխէ ձեր լաւատեսութիւնը` Քրիստոնէական յոյսի. Ձեր ուժը բարոյական առաքինութեան եւ ձեր բարի կամքը անկեղծ սիրոյ, որ գիտէ նաեւ զոհուիլ։ Դուք ոչ միայն մաս էք Եկեղեցւոյ այլ կը կազմէք անոր սիրուած ու ներկայի անրհաժեշտ մասը։ Մնացէք միացած կառուցելու համար աւելի սուրբ, աւելի առաքելական եւ աւելի խոնարհ եկեղեցի մը, որ գիտէ սիրել ու պաշտել զԱստուած, ծառայելով աղքատներուն, մինակութեան մէջ ապրող անձերուն, հիւանդներուն եւ մեկուսացեալներուն։

Սրբազան Հայրը իր ճառին վերջին մասը յատկացուց ''Կանգնէ- զարթիր'' բառին, խօսելով Տիրոջ երիտասարդներուն յանձնարարած պարտականութեան։ Արթուն ըլլալու պատասխանատութիւնը որպէսզի ''ճնշումները, փորձութիւնները ու մեր կամ ուրիշներու մեղքերը արգելք չի հանդիսանան մեր սրբութեան գեղեցկութեան եւ աւետարանի ուրախութեան հանդէպ ունեցած մեր զգայնութեան'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց խրախուսլով երիտասարդները երթալու դէպի աշխարհ` Աստուծոյ սիրոյ վստահութեան վրայ հիմնուելով, որպէսզի ''ձեր բարեկամները, աշխատանքի գործընկերները, հայրենակիցները եւ այս հսկայական ցամաքամասի ամէն անհատ, իրենց կարգին ընդունին ողորմութիւնը որուն մէջոցաւ մենք փրկուած ենք''։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ Աստուածամօր հովանիին յանձնեց երիտասարդները աղօթք մատուցելով եւ ըսելով` Այո Մարիամ` մեր մայրը, մենք կը փափաքինք ընդունիլ Յիսուսը. Քու մայրական գուրգուրանքովդ օգնէ մեզի Զայն տանելու նաեւ ուրիշներուն, Անոր ծառայելու հաւատարմութեամբ եւ Զինք յարգելու ամէն ժամանակ ու ամէն վայրի մէջ, այս երկրի ու համայն Ասիայի մէջ։ Ամէն։


Յայտնենք թէ վերոյիշեալ հաւաքի աւարտին Նորին Սրբութեան խօսք ուղղեցին Տայժոնի եպիսկոպոսը` գերապայծառ Փիդր Քանկ Ու- Իլ եւ Ասիայի եպիսկոպոսական համահաւք դասի դաշնակցութեան նախագահ Կարտինալ Կրասիաս, որոնք յանուն 10 հազար երիտասարդներուն երախտագիտութեան խօսք ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին որ Ասիայի երիտսարադներուն հետ կիսեց այս շնորհքի օրերը ու անոնց տուաւ ապագայի նոր ուժ, եռանդ եւ յոյս։
Կարտինալ Կրասիաս իր խօսքը եզրափակեց ըսելով ''Ոչ բացառութեան տնտեսութեան''. ''Ոչ առանց բարոյականութեան եսասէր տնտեսութեն''. ''Ոչ նիւթապաշտ հոգիին''։ Ոչ. Ոչ. Ոչ։ Իսկ Այո՛Յիսուսի հետ անհատական հանդիպումին, որ կը ցանկանք ունենալ միշտ մեր հետ. Այո՛ աղքատներու, կարիքաւորներու եւ միայնակներու լացին, եւ Այո՛ աշխարհին որ անհամբեր մեզ կը սպասէ։ Ան ապա յայտնեց թէ Ասիայի երիտասարդութեան հաւաքի յառաջիկայ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2017-ին Ինտոնէզիայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.